Մատղաշ ուսանողներու մօտ արդիւնաւէտ ուսուցման բանալին սիրոյ« գուրգուրանքի ու գնահատանքի կողքին` զանոնք լայն հնարաւորութիւններով ներշնչելու ու խրախուսելու մէջ կը կայանայ։
Արդարեւ զինուած յանձնառու եւ պարտաճանաչ ուսուցչակազմով մեզի համար անհրաժեշտութիւն է ընդլայնել աշակերտին մտահորիզոնն ու անոր հետաքրքրութեան սահմանները« նկատի առնելով հոգեւոր« ազգային ու համամարդկային արժէքները, ինչպէս նաեւ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ իր անհատականութեան ձեւաւորումը։
Մեր առաջադրանքներն են` ճանչնալ աշակերտը« գրաւել անոր ներաշխարհը եւ թափ տալ անոր ուսումնական գործունէութեան« հայեցի մտածողութեան« անսասան հաւատքին« հաստատուն կամքին գիտակից դարձնելով զայն իր իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն։
Հաւատքով« միասնական ու յարատեւ աշխատանքով կրնանք վայելել Աստուծոյ օրհնութիւնները« դիմագրաւել նորանոր մարտահրաւէրներ ու նուաճել նոր բարձրունքներ« որովհետեւ տնօրէնութիւն եւ ուսուցչակազմ ունինք անխախտ հաւատք ու վառ տեսիլք յանուն մեր վարժարանին` Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին փայլուն ապագային։
Անի Տաքէսեան